2011-01-05 10:24:58

Իսլամագէտ Յիսուսեան Հայր Սամիր Խալիլի` Կը Մեկնաբանէ Եգիպտոսի Ահաբեկչական Արարքը ։


Եգիպտոսի մէջ ականատես ենք մահմետականներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ լարուածութեան։ Երկիրը տարիներէ ի վեր թիրախ է մահմետական մոլեռանդներու , որ վերջին տարիներուն աւելի հզօր դարձած է քան քաղաքական իշխանութիւնը։ Մոլեռանդ մահմետականները կը փորձն շահագործել այս իրավիճակը վերջնականապէս տէր դառնալու իշխանութեան։ Քրիստոնեաներու դէմ ընդհարումը դրդապատճառ է հզօրացնելու մահմետական մոլեռանդներու դիրքը յաչս ժողովուրդին։ Զարգացած մահմետականները իրենց կարգին անվերապահօրէն կը դատապարտեն այդ ապօրինի միջոցները։ Այսօր ինչպէս անցեալին, կը գրէ Յիսուսեան հայր Սամիր Խալիլի, պէտք է պատրաստ ըլլանք մեր կեանքը տալու պաշտպանելու համար մեր քրիստոնէական հաւատքը։ Չմոռնանք որ ղպտիները Եգիպտոսի բնիկ ժողովուրդ են, անոնք յաջորդներն են ֆարաոններուն։ Ղպտիներուն համար մահմետականները օտարներ են։ Անոնք միշտ խաղաղ կեանք մը ապրած են։ Խտրականութիւնը եւ հարստահարումը սկսան արմատական եւ ծայրայեղ իսլամութեան մուտքով, շուրջ 40 տարի առաջ։ Ասիկա ի յայտ կու գայ երկրի օրէնսդրութեան խտարկանութեամբ։ Քրիստոնեաները կը պահանջեն լոկ ընկերային հաւասարութիւն, որ իսլամութիւնը կը մերժէ ճանչնալ , ըսաւ Յիսուսեան հայր Սամիր Խալիլի իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.